2012-06-03 11:43:32

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Միլանոյի Մէջ Գլխաւորեց <<Վկայութիւններու Տօն>> Ձեռնարկը։


1 - 3 Յուլիս 2012 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Միլանօյի մէջ մասնակցեցաւ Ընտանիքներու Համաշխարհային 7րդ Հաւաքին։ Այս առթիւ շաբաթ 2 յունիսի երեկոյեան ժամը 20.30-ին, Միլանոյի Պրէսսոյ զբօսայգիին մէջ, բազմահազար ընտանիքներու մասնկացութեամբ (350 հազար ներկաներ) գլխաւորեց <<Վկայութիւններու Տօն>> ձեռնարկը որուն ընթացքին ներակայացուեցան հոգեւոր ուրախ երգեցողութիւններ եւ վկայութիւններ ու կատարուեցան Աւետարանական ընթերցումներ։

Տօնակատարութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետին ուղղուեցան ընտանիքը յուզող հարցերու մասին 5 հարցումներ որոնց առաջինը Վիէթնամցի աղջնակի մը կողմէ ներկայացուած հարցում մըն էր որ Սրբազան Քահանայապետէն խնդրեց իր մանկութեան շրջանէն դրուաք մը պատմել։ Սրբազան Հայրը անուշութեամբ պատմեց թէ իր մանկութիւնը եղած է ուրախ մանկութիւն մը ուր երաժշտութիւնը մեծ դեր ունեցած է։

Երկրորդ հարցումը ուղղեցին Մատակասկարէն զոյք մը նշանուածներ որ Սրբազան Հօրմէ լուսաբանութիւն խնդրեցին այն վճռական <<Այո>>յի մասին որ Ս. Պսակի խորհուրդով ամուսնացեալները կ՛արտասանեն։ Այս մտավախութիւնը յաղթահարելու համար - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - հարկ է կառուցել սէր մը որ միայն զգացականութեան վրայ չի հիմնուի։
Հուսկ Յոյն զոյգ մը ակնարկը կեդրոնացուց ընտանիքի ապրած տնտեսական տագնապի վրա. <<Ինչպէ՞ս չի կորսնցնել յոյսը. Ի՞նչ պատգամ կու տայ մեզի եկեղեցին ապագայի համար>>։ Այս հարցումին Նորին Սրբութիւնը թէեի ընդունեց որ խօսքերը բաւարար չեն հարցերը լուծելու, ընդգծեց հարկաւորութիւնը որ քաղաքականութեամբ զբաղող մարդիկը ստանձնեն իրենց պատասխանատութիւնը եւ ապարդիւն խոստումներ չի ներակայացնեն անիրականացուելիք իրողութիւններու մասին պարզապէս քուէներ շահելու համար. Անոնք ցուցաբերելու են իրենց պատասխանատութիւնը բոլորին բարիքին համար ու ըմբռնելու են թէ քաղաքականութիւնը կը պահանջէ միշտ մարդկային եւ բարոյական պատասխանատուութիւն մը մարդոց ու Աստուծոյ առջեւ։

Չորրորդ հարցումը Միացեալ Նահագներէն ընտանիքի մը հարցումն էր որ անդրադարձաւ այօրուայ դժուար այն իրողութեան` հաշտեցնելու աշխատանքի պահանջը եւ կիրակնօրեայ պարտականութիւնները։ <<կարելի է միայն մի քանի խրատներ տալ>> ըսաւ Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղելով գործատէրերուն մտահոգուելու նաեւ ընտանիքի կացութեամբ ։ Կիրակի օրը Աստուծոյ եւ մարդուն նուիրուած օր մըն է ըսաւ Ան։

Վերջին հարցումը ներկայացուցին Պրազիլէն զոյգ մը որ Սրբազան Քահանայապետէն խնդրեցին խօսիլ ամուսնալուծուած եւ երկրորդ անգամ ամուսնացած զոյգերու մասին։ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց թէ այս իրողութիւնը <<մեծ ցաւ մըն է եկեղեցւոյ համար>> թէեւ եկեղեցին երբէք չի դադրիր զանոնք սիրելէ։ Արդ կոչ ուղղեց ժողովրդապետութիւններուն ըլլալու <<նաւահանգիստներ>> բոլոր անոնց որ նպատակակէտ մը կը փնտռեն։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ հեռատեսիլի միջոցաւ ողջոյնի խօսք մը ուզեց ուղղել Իտալիոյ Էմիլիա Րօմանիյաի երկրաշարժի զոհերուն։ <<Սիրելի բարեկամներ դուք գիտէք որ մենք խորապէս կը մասնակցինք ձեր ցաւերուն եւ ես անձամբ ամէն օր կ՛աղօթեմ որ այս երկրաշարժը վերջ գտնէ։ Վստահ եղէք որ ձեզ չենք մոռնար եւ բոլոր մեր ջանքերը կը դափենք ձեզի օգնելու համար։ Գարիթասը, եկեղեցական ու պետական բոլոր հաստատութիւնները ձեզի մօտ են։ Թող Աստուած ըլլայ ձեզի ու մեզի բոլորիս օգնական։ Տէրը ձեզ օրհնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.